Սուլթան Մուրատ Դ.` 1638ին մեծ դժուարութեամբ վերագրաւեց ՊաղտատըՊարսիկներու ձեռքէն: Սուլթանը` յուսահատութեան վրայ էր, երբ իրզօրականներէն Հայ մը` թրքական բանակի “Թոփճիպաշը”ն Գէորգ Նազար(Նազարէթեան) կը ձուլէ թնթանօթ մը և ատով կը ռմբակոծէ պարսպապատՊաղտատը, որը 40օրեայ պաշարումէ յետոյ, ի վերջոյ անձնատուր կ’ըլլայ 25Դեկտեմբեր 1638ին: Այս յաջողութեան վրայ, ըստ պաղտատահայերու մօտպահուած հին աւանդութեան, Սուլթանը կ’ուզէ վարձատրել Հայ զօրականը,հարցնելով անոր թէ ինչ կ’ուզէ ունենալ: Գէորգ Նազար տեղեկանալով որՊաղտատի Հայերը եկեղեցի և գերեզման չունին, կը խնդրէ Սուլթանէն որպէսզի յարմար հող մը նուիրէ այդ նպատակով: Խնդրանքը կը կատարուի և ատոր վրայ,Պաղտատի հիւսիսային կողմը, 1640 ին կը կառուցուի Ս. Աստուածածին եկեղեցինև Պապ Էլ Մուազզամ թաղամասի կից` Հայկական գերեզմանատունը: Թաղամասըմինչև այսօր կը կոչուի “Մահալլէթ Գոգ Նազար” -Գոգ Նազարի թաղամաս- կամ“Մէյտան”, իսկ գերեզմանատունը 1914-1915-ին քանդուեցաւ Թուրքերու կողմէ:Ս. Աստուածածին եկեղեցին, մինչև այսօր ալ ուխտատեղի մըն է թէ Հայերուև թէ Արաբներու համար, իբրև ամէնէն հին քրիստոնէական սրբավայրերէն մէկըՊաղտատի մէջ: Այս եկեղեցիի ձախակողմեան որմին մէջ շինուած է խորշ մը, ուրթաղուած է քառասունից Մանկանց մասունքներէն մէկ մասը պարունակող տուփմը:19րդ դարու վերջերուն Իրաքի գաղութը կը սկսի նուազիլ թիւով: Այդ պէտք էբացատրել Օսմանեան կառավարութեան կողմէ Իրաքի բնակչութեան նկատմամբկիրառած կեղեքիչ քաղաքականութեամբ: Տեղացի Արաբ ժողովուրդի հետմիասին` խիստ կը տուժէ նաև Հայ բնակչութիւնը: Իրաքահայերէն ոմանք կըմեկնին Եւրոպական երկրներ, Հնդկաստան, Պարսկաստան և այլ վայրեր: ԸստՊոլսոյ Պատրիարքարանի 1888ին կազմած վիճակագրութեան, Իրաքահայբնակչութեան թիւը այնքան պակսած էր, որ բոլոր գաղթօճախներու բնակչութիւնըմիասին կը հաշուուէր 150 տուն: Պաղտատի մէջ կը հաշուուէր 706 հոգի, Պասրայիմէջ`242, Մուսուլի մէջ 173`, ընդամէնը`1121 հոգի:
Իրաքի Հայկական Վարժարանները
Իրաքահայ գաղութի ամէնէն հին վարժարանը կը համարուի Պաղտատի Ս.Թարգմանչաց կոչուող վարժարանը, որ հինուած էր 1852ին:1901-ին, Պաղտատի բարերարներէն մէկը` Յովհաննէս Իսկէնտէրեան, իրտունը կը յատկացնէ համայնքին` օրիորդներու վարժարան բանալու համար` ի յիշատակ իր մահացած աղջկան` Զապէլի: Վարժարանը կը կոչուի Զապէլեան:
2 |Page
Leave a Comment